2016-02-25 10:49:00

Դասախօսական երեկոյ` նուիրուած Տիեզերական Վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին


«Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին եւ «Ազդակ»-ի համագործակցութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 24 փետրուար 2016-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ «Մեսրոպեան» բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած տիեզերական վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները հակիրճ տողերով ներկայացուց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տիեզերական 36-րդ վարդապետ հռչակման ընթացակարգը: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին սրբազան քահանայապետը անցեալ տարուան 12 ապրիլին մատուցած պատարագի ընթացքին լաւագոյն առիթ մը ստեղծեց աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրելու` Ս. Գրիգոր Նարեկացին յայտարարելով վարդապետ Տիեզերական եկեղեցւոյ:  Հայր Վարդան Գազանճեան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս 1987-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետը երկու տարբեր առիթներով իր շրջաբերականին եւ քարոզին մէջ մէջբերած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիին խօսքերը, որմէ ետք 1988-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարքը խնդրած է քահանայապետէն, որ Ս. Գրիգոր Նարեկացին պաշտօնապէս յայտարարուի վարդապետ եկեղեցւոյ: Այս խնդրանքը փոխանցուած է Սուրբերու դատերու համաժողովին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու համաժողովին:  Իր կարգին, Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը 2003-ին ձեռնարկած է նախապատրաստական աշխատանքներու: Կազմակերպուած են զոյգ գիտաժողովներ` Հռոմի (2005) եւ Լիբանանի մէջ (2009):

2010-էն մինչեւ 2014 տարբեր առիթներով միջամտած են Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, Ուքրանիոյ մէջ այժմու պապական նուիրակ Քլաուտիօ Կուճերոթթի: Միւս կողմէ, Լեւոն արք. Զէքիեան պատրաստած է 400 էջնոց թղթածրար մը, որ կը բացատրէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին վարդապետական հաւատքը: 17 դեկտեմբեր 2014-ին Հաւատքի դաւանութեան համաժողովի ընդհանուր նիստը կ՛որոշէ, թէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մօտ կարելի է գտնել ուղղադաւան եւ իւրայատուկ վարդապետութիւն մը: Եւ վերջապէս անցեալ տարուան 12 ապրիլին սրբազան քահանայապետը պաշտօնապէս կը յայտարարէ Ս. Գրիգոր Նարեկացին վարդապետ տիեզերական եկեղեցւոյ:

Օրուան պատգամաբերն էր հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան: Ան իր խօսքին սկիզբը, խօսելով Նարեկացիի տաղանդին մասին, ըսաւ, թէ  Նարեկացին գագաթ մըն է հայ բանաստեղծութեան մէջ, պարծանք` հայ եկեղեցւոյ: Տիտան մը ոչ միայն հայ, այլեւ միջազգային գրականութեան չափանիշով եւ խորհրդապաշտական գրականութեան մեծագոյն արտայայտութիւնը հայութեան մօտ:  Հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան նշեց, որ Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքը համամարդկային, հոգեբանական, իմաստասիրական պարունակութեամբ  խոր բանաստեղծութիւն մըն է, ուր Գրիգոր Նարեկացի կը ներկայանայ իբրեւ մեղապարտ մարդ` կանչուած իր եւ այլոց մեղքերուն  եւ անօրէնութիւններուն ներում հայցելու գերագոյն դատաւորէն: Ան ըսաւ, թէ Գրիգոր Նարեկացիի մէջ բանաստեղծութիւն  եւ արուեստ սերտօրէն իրարու շաղկապուած են: Այդ արուեստը բարդ է, ինչպէս Նարեկացիի հոգին:  «Նարեկը Գրիգորի հոգիին կատարեալ արտայայտութիւնն է», ըսաւ պատգամաբերը, ապա աւելցուց. «Գերազանց  տաղանդի եւ իմացականութեան մը արդիւնքը: Հիւսուած` յորդազեղ, հզօր եւ ստեղծագործող երեւակայութեամբ: Լեզուն, զոր կը գործածէ Նարեկացին իր ստեղծածն է, հիւթեղ եւ զօրաւոր: Իր գաղափարները  եւ զգացումները  արտայայտելու  համար իրենց  ահագնութեամբ, չբաւականանալով հայոց լեզուի եղած մթերքով, դիմած  է  նոր  ածանցումներու եւ բառակերտումներու, որոնք իր լեզուն  աւելի  հրապուրիչ  դարձուցած են: Նարեկով  հայ գրական լեզուն փայլեցաւ իր ամբողջ ճոխութեամբ, նրբութեամբ եւ վսեմութեամբ: Անկէ ետք  ոչ  ոք կրցաւ պահպանել Նարեկի  լեզուին  մաքրութիւնն  ու վսեմութիւնը»:

Հայր Անտոն Ադամեան եզրափակեց խօսքը ըսելով, թէ Նարեկացին հարազատ ծնունդն է իր դարուն եւ միջավայրին: Իր նկարագիրը համադրութիւնն է իր ժողովուրդի ձգտումներուն: Իր գրիչը իսկական պատկերն է իր անհատականութեան: Հայաստանի եւ հայութեան ճակատագրական հրաբուխներէն է ան: Իր ժողովուրդին արիւնին կը պարտի իր խօսքին ջերմութիւնը: Իր մէջ կը խտացնէ այն բոլոր խոկերը, զորս հայ միտքն ու հոգին ունեցեր են սկիզբէն ի վեր, մանաւանդ արաբական իշխանութեան յայտնութենէն ետք, հայ  ցեղին  բոլոր  տագնապներն ու պայքարները, յաղթանակներն ու յոյսերը: Մտքի, սրտի, հոգիի եռեակ հրդեհներով գունդ մը կրակ է Նարեկացին, Աստուծոյ մեծ ճամբուն վրայ: Համամարդկային  մտքի  պատմութեան  գագաթներէն  մէկն է ան` իր ցեղին փառքը եւ մշակոյթի իշխաններուն ջերմագոյնը եւ խորագոյնը:

Խօսք առաւ նաեւ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Ան նախ բարձր գնահատեց համագործակցութիւնը «Ազդակ»-ի եւ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին միջեւ, ապա` շնորհակալութիւն յայտնեց հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեանին խորաթափանց եւ յոյժ օգտակար պատգամին համար: Ապա աւարտեց խօսքը ըսելով` «Նարեկացին ցոյց տուաւ համայն մարդկութեան, թէ աղօթքը միակ առաջնորդող ճամբան է դէպի գթառատ աստուածութիւնը: Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած է Նարեկի շունչով: Այսուհետեւ ալ Նարեկն ու Նարեկացին պիտի շարունակեն լուսաւորել մեր միտքերը ու գօտեպնդել մեր կամքերը` վստահելով աստուածային ողորմութեան, որուն վկան եղաւ տիեզերական վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.